Հայատեացութիւնը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը. ԱԳՆ

2022-02-28
Image

Հայատեացութիւնը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը, «ինչն ակնյայտօրէն հակասում է խաղաղ, զարգացող եւ կայուն տարածաշրջան ունենալուն ուղղուած տարածաշրջանային եւ միջազգային ջանքերին», ըսուած է Հայաստանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ` Սումգայիթի մէջ իրագործուած հայերու ջարդերու 34-րդ տարելիցին կապակցութեամբ:

«Հայերի դէմ կազմակերպուած զանգուածային սպանութիւնները եւ խոշտանգումները, որոնք նպատակ ունէին բռնի ուժով ճնշելու Արցախի հայութեան ժողովրդավարական կամարտայայտումը եւ առկայ իրաւական մեխանիզմների հիման վրայ իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրացումը, հետագայում շարունակուեցին Պաքւում, Կիրովապատում եւ Ատրպէյճանի այլ հայաշատ բնակավայրերում. Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի կողմից իր հայրենիքում ազատ եւ անվտանգ ապրելու կամքի բարձրաձայնմանն Ատրպէյճանը պատասխանեց հայերի նկատմամբ հաւաքական պատժի քաղաքականութեան իրագործմամբ, որը հետագայում վերաճեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի դէմ լայնածաւալ պատերազմի սանձազերծման», նշուած է արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

«Այսօր մենք կը միանանք հայերուն` սգալով եւ տուրք մատուցելով 1988թ․ Սումգայիթի մէջ զոհ գացածներու յիշատակին», Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւննը է իր ֆէյսպուքեան էջով գրառում կատարած է:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, որ նախորդ Դեկտեմբեր 7-ին ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանին կողմէ «ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային ուխտի շրջանակներուն մէջ հրատապ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ որոշումը ցոյց տուաւ, որ «Սումգայիթի ոճրագործութիւնից աւելի քան երեք տասնամեակ անց Ատրպէյճանի կողմից շարունակւում է հայերի նկատմամբ ցեղապաշտական ատելութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը»:

Պաքուէն վերջերս կը հնչեն յայտարարութիւններ, այնտեղ կասկածի տակ կը դնեն իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու պատկանելիութիւնը` պնդելով, որ անոնք աղուանական են, եւ նշելով, թէ «հայերը հետքեր են թողել յուշարձանների վրայ, որոնք պէտք է մաքրուեն»: