Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել. ՀՀ ՊՆ

2021-12-08
Image

Պաքուն կը պնդէ՝ հայկական կողմը կրակ բացած է Քելբաջարի շրջանի ուղղութեամբ, Երեւան կը հերքէ:

«Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները առանց որեւէ պատճառաբանութեան կրակ բացած են Քելբաջարի շրջանի Զաիլիկ գիւղը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ», յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը`նշելով, որ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ատրպէյճանական կողմի տարածած հաղորդագրութիւնը:

«Դեկտեմբերի 8-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որի՝ ՀՀ զինուած ուժերը գնդակոծել են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական ԶՈՒ մարտական դիրքերը՝ ապատեղեկատուութիւն է։ Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել», - ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեամբ։