Հայկական կողմը սահմանին ունի մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր

2022-03-07
Image

Այսօր    յետմիջօրէի  ժամը  12։40-ին    զինեալ  միջադէպ գրանցուած է Հայ-Ատրպէյճանեան  սահմանին։

 Այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ  Պաշտպանութեան  նախարարութիւնը։ 

Աղբիւրը նաեւ  նշած  է, որ   Ատրպէյճանեան զինուած ուժերը կրակ բացած են սահմանի արեւմտեան  հատվածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ,  որուն հետեւանքով  հրազէնային  վիրաւորում  ստացած են ՀՀ ԶՈՒ երկու  զինուորեալներ։

Զինուորներէն մին ՝ սերժանտ Հրաչ Արամի Մանասարեանը, հիւանդանոց տեղափոխվելու  ժամանական աւանդած է իր հոգին։

 Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  որ Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութիւնը   կը  կիսէ   կորստեան  ծանր վիշտը  եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի  ընտանիքի անդամներուն,  հարազատներուն   եւ  ծառայակիցներուն։

Ինչ կը վերաբերի  վիրաւորեալներուն,  ապա   կ՚ըսուի,  որ  վիրաւորուած  միւս զինուորի  կեանքին վտանգ չկայ։