Հայկական կողմն ունի զոհ եւ վիրաւորներ, փոխհրաձգութիւնը դադրած է. ՊՆ

2021-12-10
Image

Դեկտեմբեր 10-ին, ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յարձակում գործած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը, կրելով մարդկային կորուստներ, ետ շպրտուած է ելման դիրքեր։

Նախայարձակ գործողութիւններով ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ զոհ, եւս քանի մը զինուոր վիրաւոր է։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ժամը 14։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։ Իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։