Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-hիմնարկը համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտը վերջին մէկ տարուան մէջ թէ՛ ՀՀ քաղաքացիներու, թէ՛ օտարերկրացիներու նուիրատուութիւններու շնորհիւ համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով: Այս մասին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Անոնք անձնական իրեր են, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլն: Մասնաւորապէս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը նուիրած է 1960-2020 թուականներուն վերաբերող լիբանանահայ իրականութեան մէջ օգտագործուած բազմաթիւ ազդագրեր, կոչեր, գրութիւններ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային: Վերջին շաբաթներու ընթացքին, որպէս նուիրաբերութիւն, թանգարանին յանձնուեցան Պելճիքա բնակող նկարիչ Սամօ Ասլանեանի աւելի քան տասնեակ գեղանկարները: Վահան Պուռնազեանը փոխանցած է Պուռնազեան-Անանեան ընտանեկան մասունքներ` ժամացոյցներ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան թղթադրամ: Զուիցերիայէն Ֆելիքս Ցիկլերէն ստացուած է զուիցերիացի միսիոներ Յակոբ Քիւնցլերի գիրքը` Քարեն Եփփէին ուղղուած հեղինակի ընծայագրով: Արամ Գրիգորեանը նուիրաբերած է Հետվիկ Պիւլի լուսանկարներ, նամակներ: Զուիցերիա բնակող Տ. Շնորք քահանայ Չէքիճեանէն ստացուած են արաբկիրցի ոսկերիչ Սարգիս Կէօզուպուլուքեանի ձեռագործ գօտին եւ ոսկերիչի գործիք: Ընդհանուր առմամբ, թանգարանային ֆոնտը համալրուած է 1423 ցուցանմուշով:
2021 թուականին թանգարանին գրադարանը համալրուած է 913 միաւոր գրականութեամբ: Մասնաւորապէս, թանգարանը համալրուած է ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնիի անձնական գրադարանի աւելի քան 50 միաւոր գիրքով: ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէնութեան հետ պայմանաւորուածութեան շնորհիւ գրադարանը հարստացած է վերջին 10 տարիներուն Պատմութեան Հիմնարկին կողմէ հրատարակուած շուրջ 70 անուն մասնագիտական գրականութեամբ: