Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման վտանգները դեռ կը մնան. ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար

2021-06-10
Image

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման վտանգները դեռ կը մնան: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը՝ ելոյթ ունենալով ԵԱՀԿ անվտանգութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան համաժողովին (ԱՈՀՀ):

Անոր խօսքով՝ ՀԱՊԿ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի կողմէ եռակողմ յայտարարութեան ընդունման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք վեց ամսուայ ընթացքին իրավիճակի կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժեր արձանագրուած են: «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայումը, Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ կարգաւորումը վերսկսելու համար միջազգային բանակցողներու ջանքերը հիմք կը ստեղծեն երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու համար: «Դաշտին» մէջ իրավիճակը աստիճանաբար կը կայունանայ: Գլխաւորն այն է, որ արդէն չեն կրակեր»:

Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ը ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանին, յատկապէս Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իրավիճակի զարգացման: «Մենք կ'ողջունենք պետական սահմանը խաղաղ ճանապարհով անցնելու խնդիրները լուծելու կողմերու մտադրութիւնը: Մենք այնտեղ կը տեսնենք երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկար: Միեւնոյն ժամանակ, իրավիճակի սրման վտանգները դեռ կը մնան»,- ըսած է ան: