ՀԱՊԿ Խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի հարցը

2023-03-30
Image

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի նախագահութեամբ մարտ 29-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու եւ միջազգային համագործակցութեան մշտական յանձնաժողովի նիստը: 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, ի թիւս այլ հարցերու՝ յանձնաժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած եղած է 2022 թուականի դեկտեմբեր 14-ին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ յարուցելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը: 

Այս հարցի կապակցութեամբ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակման եւ ատոր հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին: Այս ծիրէն ներս ան կարեւորած է Ատրպէյճանի կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճռի անվերապահ եւ շուտափոյթ իրականացման հրամայականը: 

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը նշած է, որ Ատրպէյճանը ոչ միայն խախտած է եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ նոր պահանջներ կը հնչեցնէ, կը վտանգէ ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Ատրպէյճանի սպառնալիքները կ'ուղեկցուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սադրանքներով, կան զոհեր:

Նոյն օրը տեղի ունեցած են նաեւ ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու նիստերը: Քննարկուած են վերոնշեալ յանձնաժողովներու կողմէ մշակուող մոտելային իրաւական փաստաթուղթերու նախագծերը: 

ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովները որոշումներ ընդունած են «Տիեզերքի մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխման» ու «Երեխաներու եւ երիտասարդներու շրջանին թմրանիւթերու օգտագործման կանխարգելման» վերաբերեալ ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի յայտարարութիւններու նախագիծերն ուղարկել ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու խորհրդարաններ՝ կարծիք եւ առաջարկութիւններ ստանալու նպատակով: