Հետազօտուած 3 զինծառայողներու մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է. Դաւիթ Տօնոյեանի պարզաբանումը

2020-03-26
Image

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը պարզաբանումներ ներկայացուցած է բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու վերաբերեալ, ըստ որու «Քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը զինուած ուժերու մէջ կանխելու նպատակով ծաւալուն բուժկանխարգելիչ աշխատանքներ  իրականացուցած նք՝ ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ, որպէսզի զինծառայողները զերծ մնան վարակէն: Նախարարը նշած է, որ  այնուամենայնիւ, հնարաւոր չէ կանխել վարակի ներթափանցումը բանակ, քանի որ զինծառայողներու մէկ մեծ զանգուած ամենօրեայ շփման մէջ է քաղաքացիական բնակչութեան հետ:

25 Մարտին մարտական խնդիրներու մէջ չներգրաւուած զօրամասի երեք զինծառայողներէն կատարուած էր նմուշառում։ COVID-19 հետազօտման քննութեան արդիւնքով երեք զինծառայողներուն մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահր։ Զինծառայողներէն մէկու ընտանիքի անդամի մօտ աւելի վաղ  հաստատուած էր «Քորոնա» ժահրի առկայութիւն: Երեք զինծառայողի հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են եւ կ'առնչուին երկրի մէջ գրանցուած առաջնակի դէպքերու օճախներէն մէկուն հետ: Ելլելով համաճարակաբանական հետազօտութիւններու տուեալներէն, նշուած զինծառայողները նախապէս եղած են մեկուսացուած, ինչը զգալիօրէն նուազեցուցած է վարակի յետագայ տարածման ռիսքերը։


«Զինծառայողներն այժմ հիւանդանոց տեղափոխուած են, անոնց առողջական վիճակը բաւարար է, որեւէ մէկու մօտ թոքաբորբ չէ արձանագրուած։ Զինծառայողներէն մէկիուն մօտ առկայ է ջերմութեան թոյլ բարձրացում, իսկ երկուքը չունին ջերմութիւն եւ հիւանդութեան բնորոշ այլ ախտանիշներ:

Կը վստահեցնեմ, որ «Քորոնա» ժահրով հիւանդութեան ախտանիշով զինծառայողներուն բարձրորակ եւ արդիւնաւէտ բուժօգնութիւն կը ցուցաբերուի, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար»,- յայտարարած է նախարարը:

Ան տեղեկացուցած է, որ պարզուած է զինծառայողներու շփումներու ամբողջ շրջանակը եւ անոնք եւս մեկուսացած են: 

32 զինծառայողի եւս քննութիւն կը կատարուի՝ ժահրի առկայութեան կասկածով։

«ՀՀ զինուած ուժերու մէջ կը շարունակուին ձեռնարկուած լայնածաւալ կանխարգելիչ նախաձեռնութիւնները: Բոլոր զօրամասերուն մէջ կը կիրառուին խիստ սահմանափակումներ վարակի ներթափանցումը կանխելու ուղղութեամբ, սահմանուած է ամենօրեայ վերահսկողութիւն զինծառայողներու առողջական վիճակի նկատմամբ: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին զինուած ուժերու մէջ իրականացուող համալիր հակահամաճարակային միջոցառումներու եւ կիրառուող խիստ սահմանափակուներու արդիւնքով շեշտակի նուազած է ոչ պակաս վտանգաւոր այլ վարակիչ հիւանդութիւններու քանակը, ինչ որ կը վկայէ իրականացուող նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտութեան մասին:

 Մասնաւորապէս, նախորդ տարիներու նոյն ժամանակահատուածի համեմատութեամբ, «սուր շնչառական հիւանդութիւններով», «ջուրիծաղիկով», «անգինայով» հիւանդութիւնները նուազած են 4 անգամ, իսկ աղիքային վարակով հիւանդներ ներկայիս ԶՈՒ անձնակազմի մէջ ընդհանրապէս չկան:

Յատկանշական է, որ վերջին տարիներուն 5 անգամ նուազած է «թոքաբորբով» հիւանդացութիւնը, իսկ ծանր ընթացքով «թոքաբորբերո» քանակը` 10 անգամ, անկանոն ընթացքով եւ մահուան ելքով «թոքաբորբեր» զինուած ուժերու մէջ չեն արձանագրուած»,- ամփոփած է Դաւիթ Տօնոյեան: