ՀՀ զինուած ուժերու կողմէ ատրպէյճանական դիրքերը գնդակոծելու լուրը ապատեղեկատուութիւն է. ՊՆ

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Ապրիլ 3-ի երեկոյեան ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները գնդակոծած են Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Հայկական կողմը Ատրպէյճանի ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չէ բացած, իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։