ՀՀ կառավարութենէն 158 միլիոն դրամի օգնութիւն՝ երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ

2023-02-16
Image

Երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սնունդ եւ անկողնային պարագաներ տրամադրելու նպատակով ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 157 816 100 դրամ։

Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին։

Մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած գումարը տրամադրուած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։

Յիշեցնենք, որ 6 փետրուարին` ժամը 05.17–ին, Թուրքիոյ Ղահրաման Մարաշ գաւառին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, որ աւերած է շարք մը քաղաքներ։ Երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է մօտ 36 000-ի:

Նշենք, որ որոնողափրկարարական խումբերը Հայաստանէն Թուրքիա եւ Սուրիա մեկնած են 8 փետրուարին։

Երկրաշարժէն տուժած երկիրներուն Հայաստանը շուրջ 200 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է` սնունդ, հագուստ, դեղորայք։