ՀՀ կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին օգնելու մասին

2020-08-05
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։

«Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:

Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն կապակցութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին:

Լիբանանի կառավարութիւնն այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման արդիւնքով Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ»,- գրած է վարչապետը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք` ստեղծուած խնդիրները հնարաւորինս շուտ յաղթահարելու համար: