ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

2023-02-16
Image

Հետախուզում յայտարարուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Դատախազութենէն:

Նշենք, որ Վիգէն Սարգսեան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մեղադրանքով: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը աւելի վաղ բաւարարած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը:

Ըստ իրաւապահներու՝ ան 2018 թուականի յունուարին պաշտպանական գերատեսչութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ դիտաւորութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գործողութիւններ:

Դատախազութիւնը վարոյթը իրականացնող մարմնին յանձնարած է միջոցներ ձեռնարկել Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու ուղղութեամբ: