ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը. ԱԳՆ

2020-07-14
Image

Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր թշնամական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը:Այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէ Բերդ քաղաքի հրետանակոծման փաստը:

«Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած է Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը», - ըսուած է  ԱԳՆ խօսնակի տարածած յայտարարութեան մէջ։