Հրադադարի պահպանումը պարբերաբար խախտուած է ատրպէյճանական զինուժին կողմէ. ԱՀ ՊՆ

2022-03-07
Image

Մարտ 7-ին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը առ այն, թէ իբր ՊԲ ստորաբաժանումները կրակ բացած են արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ողղութեամբ, կեղծ է եւ որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ իրականութեան մէջ նշուած ուղղութիւններուն վերջին օրերու ընթացքին հրադադարի պահպանումը պարբերաբար խախտուած է ատրպէյճանական զինուժին կողմէ որուն վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: