Հրապարակուած է Սիսիան եւ Անի համայնքներու արտահերթ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները․ յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը

Թիւ 33 եւ 34 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներն ամփոփած են մարտ 26-ին Շիրակի մարզի Անի եւ Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքներուն մէջ կայացած աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։ Այս մասին յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՀ) մամուլի ծառայութիւնը։
61 ընտրատեղամասերէն ստացուած պատկերը հետեւեալն է․
Շիրակի մարզի Անի համայնք
«Ազգ-համայնք» կուսակցութիւններու դաշինք- 3 134 քուէ
Հայկական երազանք» կուսակցութիւն- 795 քուէ
«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւն-744 քուէ
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն-5180 քուէ
Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնք
«Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն-1443 քուէ
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն-2553 քուէ
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն-7325 քուէ
Սիսիան համայնքին մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընտրողներու 49,63%-ը կամ 22880 քաղաքացիներէն 11356-ը։ Անի համայնքին մէջ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 62,01%-ը կամ 15918 անձերէ 9870-ը։ Երկու համայնքներուն մէջ քուէարկութեան մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընտրողներու 54,71%-ը կամ 21226 անձ։