Ղարաբաղի մէջ աշնանային պատերազմի ընթացքին հայերու դիրքերը կը հարուածէին նորագոյն TRLG-230 հրթիռները

Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին աշնանային ռազմական առճակատման ժամանակ հայերու դիրքերը կը հարուածէին թրքական նորագոյն TRLG-230 հրթիռները, գրած է «Reporter»-ը:
Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին համացանցի մէջ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու քատրեր յայտնուած էին, ուր կ'երեւար, որ թիրախներու վրայ յարձակումներ կ'իրականացնեն ոչ թէ անօդաչու թռչող սարքերը, այլ` այլ զէնքեր: Այժմ պարզ դարձած է, որ հայկական կողմի դէմ թրքական համակարգեր կիրառուած են, որոնց մէջ կ'օգտագործուին վերջին ճշգրիտ TRLG-230 լազերային կառավարուող հրթիռները: Ընդ որում, պարզ չէ, թէ որուն զինուորականները կառավարած են հարուածներ հասցնելու գործընթացը` Անգարայի, թէ Պաքուի:
Այս զինամթերքի օգտագործման առանձնայատկութիւնը հետեւեալն է. իսկզբանէ հրթիռը կը թռի արբանեակային կապի կիրառման օգնութեամբ: Թիրախին մօտենալու ժամանակ այն կ'անցնի Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարքի լազերային կառավարման, որ որպէս թիրախը նշող կ'աշխատի: Անկէ ետք մօտ 100 տոկոս ճշգրտութեամբ հրթիռը կը խոցէ թիրախը:
Այսպիսով, թուրքերը յաջողած են վերացնել ՀԿՀՀ-ի հիմնական թերութիւնը` ցած ճշգրտութիւնը: Այժմ անոնց համազարկային կրակի հրթիռային համակարգերուն հարկաւոր չէ «մշակել տարածութիւնները». բաւական է փոքր քանակութեամբ զինամթերք օգտագործել` ցանկալի արդիւնքին հասնելու համար: