Մալխաս Ամոյեան` Եւրոպայի ախոյեան

2022-04-04
Image

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ` Մալխաս Ամոյեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի աւարտականին, Ամոյեան, որ մրցեցաւ թուրք Եունուս Էմրէ Պաշարի դէմ, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Այս գօտեմարտէն ետք թուրք ըմբիշը արցունքոտ աչքերով հեռացաւ ռինկէն:

Նշենք, որ Ամոյեան նոր փոխեց իր քաշային կարգը:

Նախապէս Ամոյեան հանդէս կու գար 72 քկ դասակարգին մէջ, դարձած էր աշխարհի ախոյեան: