ՄԱԿ-ի՝ Ատրպէյճանի դէմ հայցով որոշումը 7 Դեկտեմբերին

2021-12-06
Image

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը «Հայաստանը Ատրպէյճանի դեմ» գործով միջանկեալ միջոցներ սահմանելու Հայաստանի դիմումի վերաբերեալ որոշումը պիտի ներկայացնէ Դեկտեմբեր 7-ին:

Խօսքը ցեղային խտրականութեան բոլոր դրսեւորումներու վերացման հարցով միջազգային համագումարին համաձայն ներկայացուած դիմումին մասին է:

Հանրային լսումները տեղի պիտի ունենան Լահէյի Խաղաղութեան պալատին մէջ, որու ընթացքում դատարանի նախագահ, դատաւոր Ճոան Է. Տոնոկյուն պիտի ընթերցէ դատարանին վճիռը: «Քորոնա» համավարակով պայմանաւորուած՝ դատարանին մէջ ներկայ պիտի ըլլան միայն դատարանին անդամները եւ կողմերուն ներկայացուցիչները: