ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւորած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ Հայաստանի յռաջնորդութիւնը

2022-03-02
Image

Ժընեւի մէջ 1 մարտին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու Գլխաւոր յանձնակատար Միշել Փաչելեթին հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստանի սերտ համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի եւ մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեանին հետ: Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ տարին խորհրդանշական է` կը լրանայ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակը: Այս առիթով նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանը ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ միջազգային հանրութեան պատասխանատու եւ յուսալի գործընկեր ու հետեւողականօրէն իր ներդրումը ունեցած է բազմակողմանիութեան յառաջ մղման, ինչպէս նաեւ աշխարհին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան ու խթանման գործին մէջ:

Ներկայացնելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը` Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական խնդիրներու լիարժէք լուծման նպատակով միջազգային կառոյցներու տեղւոյն վրայ անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան, այդ կարգին` ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարի կողմէ մարդասիրական առաքելութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն նաեւ, որ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւոր նկատած է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման օրակարգի յառաջ մղման ուղղութեամբ Հայաստանի ստանձնած առաջնորդութիւնը: