Մարտական դիրքին հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է

2020-03-27
Image

Նոյեմբերեանի սահմանագօտիին վրայ այսօր` 27 մարտին, ատրպէյճանական զինուժի կրակէն հրազէնային վիրաւորում  ստացած է պայմանագրային զինծառայող: Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

Խօսնակը յայտնած է, որ զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար, ան թեթեւ վիրաւորում ստացած է: