Մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած զինծառայողը յայտնաբերուած է. ՀՀ ՊՆ

2023-03-22
Image

ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, որ մարտ 21-ին մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած էր տեղանքին մէջ, այսօր որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է:

Զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր՝ մարտի 21-ին՝ ժամը 12:20-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ, վատ տեսանելիութեան եւ մառախուղի պայմաններու մէջ, նախնական տուեալներով, մոլորուած է տեղանքին մէջ ու մեքենայով յայտնուած ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։

Մեկնարկած էին որոնողափրկարարական աշխատանքներ: