Մեկնարկած է Երեւանի գետնուղղիի Աջափնեակի կայարանի կառուցման գործնական փուլը

Երեւանի գետնուղղիի Աջափնեակի կայարանը կառուցելու համար յայտարարուած մրցոյթին յաղթող կայ: Ապրիլ 28-ի Կառավարութեան նիստին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ, որ շատոնցուընէ կը քննարկուի Երեւանի մէջ Աջափնեակի կայարանը կառուցելու հարցն ու հնարաւորութիւնը:
«Մենք սկսած ենք գործնական փուլը: Մրցոյթ յայտարարուած էր կայարանի նախագծման վերաբերեալ: Մրցոյթին կայ յաղթող, եւ այսօր պիտի քննարկուի ֆինանսաւորման հարցը, որպէսզի նախագծողը պատրաստէ Աջափնեակի կայարանին նախագիծը, ինչ որ կը նշանակէ, որ կը մտնենք շինարարութեան փուլ»,- ըսաւ Փաշինեանը:
Անոր խօսքով` «Parking City Service» ընկերութեան կողմէ Երեւան համայնքին հասցուած 850 միլիոն դրամի վնասի փոխհատուցման 750 միլիոն դրամը պիտի ուղղուի կայարանի նախագծման աշխատանքներուն:
Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը իր կարգին արձագանգեց՝ ըսելով, որ նախագիծը պիտի իրականացուի 510 օրերու ընթացքին, կամ՝ թերեւս աւելի շուտ, 50 միլիոն տոլարի սահմաններուն մէջ:
«Նախագիծը տեղի պիտի ունենայ երեք հանգրուանով: Այս ֆինանսական միջոցներու հաշուին պիտի կարենանք առաջին երկու հանգրուանները ֆինանսաւորել: Միաժամանակ, պիտի խնդրեմ ձեր յանձնարարականը, որպէսզի կարենանք հիմակուընէ աշխատել նախագծի երրորդ հանգրուանին համար ֆինանսական միջոցներու հայթայթման մասով»,- ըսաւ Սարգսեանը:
Նիկոլ Փաշինեանը նշեց, որ այս ծրագիրը ռազմավարական ծրագիր մըն է, որովհետեւ ասիկա կը նշանակէ, որ մեթրօն անցում կը կատարէ Հրազդան գետի միւս ափ, ինչ որ կը նշանակէ, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի յետագայ ճիւղաւորման՝ դէպի Դաւթաշէն, Մալաթիա-Սեբաստիա, 15-րդ թաղամաս եւ այլն: