Մեկնարկած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը

2021-04-30
Image

Քազանի մէջ մեկնարկած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած նիստը։ Օրակարգին մէջ ԵԱՏՄ անդամ եւ դիտորդ երկիրներու՝ Ուզպեքստանի, Տաճիկստանի ու Թուրքմենստանի կառավարութիւններու ղեկավարներու համատեղ լուսանկարահանումն է, ապա Եւրասիական միջկառավարման խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը։

Նիստի աւարտին Ղազախստանի վարչապետ Ասքար Մամինը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Միխայիլ Միասնիկովիչը համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան։

Պատուիրակութիւններու ղեկավարները պիտի մասնակցին Քազան ցուցահանդէսին, ապա ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի Իննոպոլիս նորարարական քաղաք։