Մեր գործընկերները այլեւս չեն օգտագործեր «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, արդէն ակնյայտ է անոնց դիրքորոշումը․ Արտաքին գործոց փոխնախարար

2023-05-15
Image

Պրիւքսէլի մէջ «միջանցք»ի մասին չէ խօսուած, որ ցոյց կու տայ միջնորդներու դիրքորոշումը։ Այս մասին 15 մայիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը՝ արձագանգելով այն դիտարկման, որ Շարլ Միշելը իր խօսքին մէջ չէ յստակեցուցած՝ արդեօք Ալիեւ հրաժարած է «Զագեզուրի միջանցք»ի գաղափարէն։

«Ինչ վերաբերում է միջանցքային տրամաբանութեանը, այս անգամ, յամենայն դէպս, դա ընդհանրապէս չի հնչել, ինչը նշանակում է , որ մեր գործընկերներն այլեւս չեն օգտագործում այդ եզրոյթը եւ արդէն ակնյայտ էր, թէ ինչ դիրքորոշում ունեն միջնորդները», -ըսած է Յովհաննիսեան։

Պատասխանելով հարցին՝ արդեօք, ինչպէս կը նշուի, կողմերու դիրքորոշումները մօտ են փոխադրային կապերու ապաշրջափակման հարցով եւ ինչ շինաշխատանքներու մասին խօսք կ'ըլլայ՝ Արտաքին գործոց փոխնախարարն ընդգծած է, որ այդ ճանապարհներու հարցը հայկական կողմի կարմիր գիծերէն մէկն է, ուստի մինչ ատոնց մասով ժամկէտներէն խօսիլը դեռ պարզելու հարցեր կան։

«Խօսքը երկաթուղու մասին է։ Այն պէտք է գործի միայն ՀՀ օրէնսդրութեան իրաւասութեան տակ։ Այդ հարցի վերաբերեալ ստոյգ երաշխիքներ ստանալուց յետոյ նոր կարող ենք խօսել շինարարական եւ այլ աշխատանքների մասին», -աւելցուցած է ան։