Մեր խաղաղութիւնը փխրուն է. պաշտպանութեան փոխնախարարը Արցախի մէջ իրավիճակը գնահատած է՝ կայուն լարուած

2022-04-04
Image

Սահմանին իրավիճակը կայուն լարուած է: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանը` միաժամանակ յստակացնելով, որ Արցախի մէջ մեծ բախումներ չկան:

«Լարուածութիւն, եթէ նկատի ունէք հրաձգութիւն, մեծ բախումներ, այս պահին չկան, սակայն ես անընդհատ, երբ որ խօսել ենք սրա մասին, որ կարող է լարուել, միշտ պատասխանել եմ, որ իւրաքանչիւր պահի հնարաւոր է, որ այդ մագլցումի ալիքը մեծանայ, որովհետեւ մեր խաղաղութիւնը փխրուն է: Եւ այս պահին աշխարհում տեղի ունեցող իրադարձութիւններով պայմանաւորուած չի բացառւում, որ ոեւէ մէկը, որեւէ պետութիւն փորձի ապակայունացնել», նշեց Սարգսեանը:

Փոխնախարարը չյստակացուց Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացման հանգամանքներուն առնչութեամբ քննութիւնը սկսա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Պաշտօնական Երեւանը կասկածի տակ դրած էր Փառուխի ուղղութեամբ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը եւ ամենաբարձր` վարչապետի մակարդակով խօսած էր անհրաժեշտ քննութեան մասին: Փոխնախարարը այս հարցերը վտանգաւոր համարեց Հայաստանի պետականութեան համար:

«Մենք հիմա խօսում ենք զգայուն թեմաների մասին, որոնց ե՛ւ պատասխանելը, ե՛ւ չպատասխանելը, ե՛ւ հաստատելը, ե՛ւ հերքելը…., այդ թեմայի մասին պէտք է խօսեն պատկան մարմինները, ես կարող եմ խօսել բացարձակապէս այն մասին, թէ ինչ իրավիճակ է այս պահին: Ցանկալի չէ այս իրավիճակում գտնուող պետութեան պաշտպանութեան նախարարի տեղակալին երկար ճեպազրոյց վարել», ըսաւ Արման Սարգսեանը:

Դեռ Մարտ 28-ին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադրութեան վերջին սրման, Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը յայտարարած էր. «Կարեւոր ենք համարում, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումների ներխուժման այս ողջ ընթացքում խաղաղապահ զօրախմբի գործողութիւնների պատշաճ քննութիւն տեղի ունենայ եւ տրուեն մի շարք հարցերի պատասխաններ»:

Նման ակնկալիքներու մասին բարձրաձայն` կառավարութեան նախորդ նիստին խօսած էր նաեւ վարչապետ Փաշինեանը. «Ակնկալում ենք նաեւ, որ ներխուժման ընթացքում եւ դրանից յետոյ խաղաղապահ զօրախմբի ներկայացուցիչների գործողութիւնները, որոնց մասին նշեցի, կամ հնարաւոր անգործութիւնը արժանանան պատշաճ քննութեան»: