Մեր յարաբերութիւններն զարգանալու եւ որակական նոր մակարդակ թեւակոխելու դրական նախադրեալներ ունին. Փաշինեանը՝ Նեթանիահուին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իսրայէլի Պետութեան վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուին՝ անկախութեան 75-ամեակի առթիւ:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Ձերդ գերազանցութիւն,
Ընդունէք խնդրեմ իմ ջերմ շնորհաւորանքներն ու լաւագոյն բարեմաղթանքները՝ Իսրայէլի Պետութեան անկախութեան 75-ամեակի կապակցութեամբ։
Մեր երկկողմ յարաբերութիւններն ակտիւօրէն զարգանալու եւ որակական նոր մակարդակ թեւակոխելու դրական նախադրեալներ ունեն։ Դրանց շարքում են Սուրբ Հողում դարեր շարունակ բնակող հայ համայնքն իր կրօնական կառոյցներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հասարակութեան անբաժանելի մաս կազմող հրէական համայնքը, որն իր հերթին զգալի ջանքեր է գործադրում երկու երկրների միջեւ կապերն ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով Իսրայէլի Պետութեան հռչակման տարեդարձի կապակցութեամբ՝ մաղթում եմ Ձեր երկրին եւ ժողովրդին հարատեւ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»: