Մեր յոյսն է, որ դիւանագիտութիւնը կը կարողանայ լռեցնել թնդանօթները. Փաշինեանը՝ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններու մասին

Երեւանը յոյս ունի, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները արդիւնք կու տան, եւ դիւանագիտութիւնը կը կարողանայ լռեցնել թնդանօթները: Այս մասին ՄԱԿ-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ ՀՀ դիւանագէտի օրուան կապակցութեամբ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ շեշտելով, որ դիւանագիտութեան նուիրուած այս միջոցառման ժամանակ չի կրնար չանդրադառնալ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
«Մենք սրտի կսկիծով ենք հետեւում ծաւալուող իրադարձութիւններին, որոնք, հիմա արդէն ակնյայտ է, որ ունենալու են կլոպալ (համաշխարհային) հետեւանքներ: Մեր յոյսն է, որ այսօր նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կը կայանան եւ արդիւնք կ'ունենան, եւ դիւանագիտութիւնը կը կարողանայ լռեցնել թնդանօթները», - իր ելոյթն այս խօսքերով եզրափակեց Հայաստանի վարչապետը:
Աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչը յայտնած էր, որ Պելառուսիոյ մէջ նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 2 Մարտի երեկոյեան: Ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 28 Փետրուարին՝ Պելառուսիոյ Կոմելի շրջանին մէջ: