Մեր նորօրեայ հերոսները. ՊՆ ներկայացուցած է եւս քանի մը զինծառայողի սխրանքներ, որոնք արժանացած են պետական պարգեւներու

2020-10-23
Image

Արցախի ՊԲ-ն կը շարունակէ ներկայացնել այս օրերուն մեծ հերոսութեամբ աչքի ինկած մերօրեայ հերոսները:

Ըստ ՊԲ-ի՝ փոխգնդապետ Արայիկ Աւագիմեանը «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանի ներկայացուած խիզախ հայորդիներէն է: Պետական բարձր պարգեւը պիտի ստանայ իւրային հրետանիի հմուտ եւ կազմակերպուած գործողութիւններու, ճշգրիտ հաշուարկներու համար, որոնց շնորհիւ թշնամական ուժերուն պատճառուած են զգալի կորուստներ, կասեցուած են վերջինիս առաջխաղացման փորձերը:

Նոյն կարգի պետական պարգեւներով պիտի խրախուսուին սերժանթ Գարիկ Կարէնի Համամեանը՝ թշնամական 2 հրասայլ խոցելու, սերժանթ Հայկ Արկադիի Ամիրջանեանը, շարքային Էտուարտ Արմէնի Սարգսեանը, լեյտենանտ Տիգրան Յարութիւնի Կարապետեանը, սերժանթ Արմէն Եուրիի Աւետիսեանը՝ թշնամական երկուքական հրասայլ խոցելու, եւ աւագ լեյտենանտ Լեւոն Ռոպերթի Ալթունեանը՝ հակառակորդի 3 հրասայլ ոչնչացնելու համար:

Փառք մեր քաջարի զինուորականներուն: