Միհրան Յարութիւնեանը Մոնթէի խօսքերու ներքոյ մօտեցած է մրցարան ու նոքաութի ենթարկած մրցակիցը

2021-04-07
Image

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարտիկ Միհրան Յարութիւնեանը 4-րդ յաղթանակը տարաւ  MMA-ի մէջ:

Մոսկուայի մէջ կայացած Eagles FC 35 մրցաշարին հայ մարզիկը մրցած է ռուսաստանցի Ախմետխան Ախմետովի հետ եւ 3 վայրկեան 17 երկվայրկեանին մէջ նոքաութի ենթարկած է մրցակիցը։

Յատկանշական է, որ Միհրան Յարութիւնեանը ռինկին (մրցարան) մօտեցած է Մոնթէ Մելքոնեանի յայտնի խօսքերու ներքոյ՝ «Անկարելի է խաղաղութիւն տեսնել առանց մեր յաղթանակի: Պէտք է հիմա մեր ամբողջ ուժը դնենք այս գործի մէջ, յաղթենք»:

Այս մենամարտը Միհրան Յարութիւնեանի համար 5-րդն էր MMA-ի մէջ: