Միրզոյեան եւ Քասփրչիք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

2023-02-13
Image

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 13 Փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկած են տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերող զարգացումներուն:

Քննարկուած են նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: