Միրզոյեան ու Լաւրով քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ

Դեկտեմբեր 8-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերականգնումը։
Արարատ Միրզոյեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են նաեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
Արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են նաեւ «3+3» ձեւաչափին առնչուող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։