Մոսկուայի մէջ մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ մեկնարկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս մասին դիմատետրեան գրառմամբ տեղեկացուցած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը։
«Քիչ առաջ մեկնարկեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը»,- գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն աշխատանքային այցով Մոսկուա մեկնած է։
Երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցեր, մասնաւորապէս՝ առեւտրատնտեսական կապեր, ուժանիւթ, անվտանգութիւն, ռազմավարական ներդրումներ, առողջապահութիւն: Վարչապետի եւ ՌԴ նախագահի հանդիպման օրակարգը կը ներառէ նաեւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ ամրագրուած դրոյթներու կատարման, անոնց ընթացքին, մարդասիրական բնոյթի խնդիրներուն։