Յայտնաբերուեր է արցախեան պատերազմի եւս մէկ մասնակիցի մասունք

2022-01-14
Image

Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան զօրակազմը ԱԻ պետական ծառայութեան փոխանցած է հիւսիսարեւելեան ուղղութենէն (Մատաղիս) յայտնաբերված եւս մէկ զինուրի մասունք:

Անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:

Զինադադարէն յետոյ որոնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած կամ փոխանցուած աճիւններու եւ մասունքներու ընդհանուր թիւը 1705 է:

Ներկայիս կը կատարուին բանակցութիւններ, որոնողական աշխատանքները վերսկսելու համար: