Յաջորդ «Մանկական Եւրատեսիլ»-ը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ. յայտնի է օրը
«Մանկական Եւրատեսիլ»-ը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կը տեղեկացնէ, որ յաջոր «Մանկական Եւրատեսիլ»-ը պիտի կայանայ Երեւանի մէջ 11 Դեկտեմբերին:
«Բարի գալուստ Երեւան: Փարիզի մէջ Մալենայի ցնցող յաղթանակէն ետք «Եւրատեսիլ» երգի մանկական մրցոյթը կը վերադառնայ Հայաստանի մայրաքաղաք: Տեսէք, թէ ինչ կրնաք ակնկալել այստեղ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ «Մանկական Եւրատեսիլ 2021»-ին յաղթած էր Հայաստանը։ Մեր երկիրը ներկայացնող 14-ամեայ Մալենան ելոյթ ունեցած էր 9-րդ համարի ներքոյ։ Ան կատարած էր «Քամի-քամի» ստեղծագործութիւնը: