Յարգանքի տուրք Ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին

2022-04-02
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած 2016թ. ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է ապրիլեան պատերազմի զոհերու, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Նիկոլ Փաշինեանը ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: