Նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային նոր նախագահը կ'ընտրէ ԱԺ-ն․ Արցախի մէջ կը փոխուի Սահմանադրութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որուն` նախաձեռնուած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթաց` ռազմական դրութեան ժամանակ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային Ազգային Ժողովին կողմէ նախագահի ընտրութեան եւ անոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ:
13 Փետրուարին Արցախի Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը ներկայացուած է Ազգային Ժողովի քննարկման, յայտնած են Արցախի նախագահի գրասենեակէն: