Նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Չինաստանի նախագահին

2020-03-30
Image

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը նամակ յղած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինին։ Նախագահ Սարգսեանը Չինաստանի նախագահը շնորհաւորած է նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարին մէջ արձանագրուած մեծ առաջընթացի առթիւ:

Ընդգծելով, որ համաճարակի զսպումը հնարաւոր եղած է Չինաստանի կառավարութեան վճռական միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի անխոնջ ու անձնազոհ նուիրման շնորհիւ՝ նախագահ Սարգսեանը նշած է.

«Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի համավարակը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ միջազգային ընկերակցութիւնն ու համերաշխութիւնը նման համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու միակ արդիւնաւէտ միջոցն են, քանի որ աշխարհի որեւէ տարածաշրջան չի կրնար զերծ մնալ վարակի տարածումէն»:

Կարեւորելով Չինաստանի հետ աւանդական սերտ համագործակցութեան հետեւողական ամրապնդումն ու խորացումը՝ նախագահ Սարգսեանը, օգտուելով առիթէն, իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Չինաստանի կողմէ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի կանխարգելման եւ յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանին շարունակաբար ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:

Հայաստանի համար ուսանելի համարելով Չինաստանի փորձը վարակի տարածումը կանխարգիլելու եւ հիւանդութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարելու գործին՝ նախագահ Սարգսեանը միեւնոյն ժամանակ առաջարկած է դիտարկել Չինաստանի կողմէ Հայաստանին յետագայ օժանդակութեան ցուցաբերումը սարքաւորումներու, համապատասխան պարագաներու, ինչպէս նաեւ մասնագիտական օժանդակութեան ձեւով: