Նախարար Մնացականեան հանդիպեցաւ՝ Շէյխ Ալ Ազհարին

2020-09-15
Image

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 14 սեպտեմբերին հանդիպած է ալ-Ազհար մզկիթի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմատ Մուհամմատ ալ-Տայիպի հետ, յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Հանդիպման կարեւորուած է հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ խարսխուած երկու ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներով:

«Յիրաւի գնահատելի է Եգիպտոսի կառավարութեան ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքի նկատմամբ, որու շնորհիւ հայերը կարողացան պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը եւ ազգային ինքնութիւնը»,- ըսած է Զոհրապ Մնացականեանը՝ աւելցնելով, որ «կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն Եգիպտոսի փորձառութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել»:

Երկուստեք մտահոգիչ համարուած է աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ծայրայեղական դրդապատճառներով յանցագործութիւնները եւ կրօնական հիմքի վրայ խտրականութեան դրսեւորումները եւ քաղաքական նպատակներով կրօնի շահարկումը: Այս ծիրէն ներս զրուցակիցները շեշտած են միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ համերաշխ համակեցութեան կարեւորութիւնը: Նախարար Մնացականեանը նշած է, որ Հայաստանը միջազգային տարբեր ձեւաչափերով հետեւողականօրէն կ'աշխատի կրօնական խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրօններու բազմազանութեան ապահովման ուղղութեամբ: