Ներկայիս Ստեփանակերտի հետ կապի միակ միջոցը հեռախօսն է. Մեծ Շէնի համայնքապետ

2023-03-29
Image

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի լիակատար  շրջափակման  պատճառով կտրուած է Շուշիի շրջանի Մեծ Շէն համայնքի ճանապարհային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ, որ մարդասիրական խնդիրներ առաջացուցած է գիւղին մէջ: 

«Արցախփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին Մեծ Շէն համայնքի ղեկավար Դաւիթ Դաւիդեանը տեղեկացուցած է, որ գիւղի բնակիչներէն անոնք, որոնք կ'աշխատին Ստեփանակերտի մէջ ներկայիս անգործ մնացած են:

«Գիւղից ունենք նաեւ ուսանողուհի, ով այս պահին Ստեփանակերտում է եւ զրկուած է ծնողներին  այցելելու հնարաւորութիւնից, միայն հեռախօսով են կարողանում կապ պահպանել միմեանց հետ։ Ներկայում Ստեփանակերտի հետ գործում է միայն բջջային հեռախօսակապի միջոցը»,-նշած է համայնքի ղեկավարը:

Անոր խօսքով՝ մեծշէնցիներն այս օրերուն կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով՝ չնայած ատրպէյճանական դիրքերը բաւականին մօտ են գիւղին, նաեւ գիւղատնտեսական հողատարածքներուն:

«Ինքս զբաղւում եմ մեղուաբուծութեամբ։ Մեղուափեթակներս գտնւում են թշնամու դիրքից 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ»,-նշած է համայնքապետը եւ աւելցուցած, որ ճիշդ է, հակառակորդի կողմէ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու դէպքեր չեն գրանցուած, բայց բնակիչներու մօտ մտահոգութիւն, այնուամենայնիւ, առկայ է։

Գիւղին մէջ գարնանացանը սկսած են 10֊12 օր առաջ։ Ըստ համայնքի ղեկավարի՝ արդէն հասցուցած են գետնախնձոր, սոխ, սխտոր ու կանաչեղէն ցանել։

«Կարտոֆիլի սերմեր գիւղացիները ունեցել են, բայց,  ըստ յայտերի, ժամանակին նաեւ պետական աջակցութիւն է ցուցաբերուել՝  իւրաքանչիւրի մօտ 100֊150 կիլոգրամի չափով»,-ներկայացուցած է Դ. Դաւիդեանը:

Անդրադառնալով գիւղի խնդիրներուն, ան յայտնած է, որ արդէն երկար տարիներ ոռոգման ջուրի խնդիր ունին, որու պատճառով  այգիներու մէկ մասը չօգտագործուիր։

Մեծ Շէնի համայնքապետը յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան  կառավարութեան որոշմամբ  գիւղին մէջ կը նախատեսուի ցայտաղբիւրներ տեղադրել եւ ծրագրի իրականացումը, անոր համոզմամբ, որոշ չափով կը լուծէր խնդիրը: