Նիկոլ Փաշինեանի երկօրեայ պաշտօնական այցը Ռուսիա աւարտած է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ժամանեց Նիժնի Նովկորոտ։ Օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորեցին Նիժեկորոտեան մարզի նահանգապետ Կլեպ Նիքիթինը, Նիժեկորոտեան մարզի օրէնսդիր խորհուրդի նախագահ Եւկէնի Լիուլինը եւ Նիժնի Նովկորոտի քաղաքապետ Եուրի Շալապայեւը։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարը նախ այցելեց «Կազ» մեքենաշինական ընկերութեան գործարանը, ուր շրջեցաւ ընկերութեան նախագահ Վատիմ Սորոքինի ուղեկցութեամբ եւ ծանօթացաւ արտադրանքին:
Այնուհետեւ վարչապետը այցելեց Նիժեկորոտեան Քրեմլին, ուր ծաղկեսպակ զետեղեց անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յիշատակին: Նիկոլ Փաշինեանը շրջայց մը կատարեց Քրեմլինի արուեստի պետական թանգարանէն ներս, ինչպէս նաեւ այցելեց Զանգակատունը, Զինուորական փառքի ծառուղին եւ Միքայէլ հրեշտակապետի տաճարը:
Վարչապետը առանձնազրոյց մը ունեցաւ Նիժեկորոտեան մարզի նահանգապետ Կլեպ Նիքիթինի հետ, որուն հետ քննարկեց տարբեր ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները:
Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը այցելեց նաեւ հայկական Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին եւ կատարեց մոմավառութիւն:
Նիկոլ Փաշինեանը Նիժնի Նովկորոտ այցելութիւնը եզրափակեց հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպմամբ, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձաւ Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքներուն եւ պատասխանեց Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան, հայրենիքի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման եւ այլ հարցերու վերաբերող բազմաթիւ հարցումներու:
Վարչապետ Փաշինեանի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը՝ Ռուսիա աւարտեցաւ: