Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի նախաշեմին այցելած է մարտական դիրքեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ այցելած է մարտական դիրքեր:
Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջայց կատարած յենակէտեր, ծանօթացած է առաջնագծին իրականացուած ճարտարապետական աշխատանքներուն, ծառայութեան անցկացման, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:
Նիկոլ Փաշինեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը զինուորներ։ Վարչապետը զինծառայողներուն մաղթած է բարի ու անվտանգ ծառայութիւն: «Բոլորիդ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ծառայութեան համար եւ մաղթում բարի ծառայութիւն: Պէտք է հասկանանք, որ հեշտ չի լինելու, մենք այսօր այս դժուարութիւնը պիտի կրենք, որ վաղուայ սերնդի համար հեշտ լինի: Սա էլ մեր ճակատագիրն է եւ պէտք է այն պատուով, կամքով տանենք ու մեր խնդիրը լուծենք: Իսկ մեր խնդիրը՝ ուժեղ պետութիւն ունենալն է, եւ այսօր, այո, մենք այդ հնարաւորութիւնն ունենք: Դա քաղաքական խնդիր է, մենք պէտք է այն լուծենք՝ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Զինուորականութիւնը մեզնից պէտք է պահանջի, մենք էլ իրենից»,- նշած է վարչապետը եւ շնորհաւորած բոլորի Ամանորը: