Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է «Սարանիստ» ընկերութեան ապակիներու արտադրութեան ու նորաբաց քոնեակի գործարանի գործունէութեան (Տեսանիւթ)

2021-07-16
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահան Քերոբեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Կոտայքի մարզի մէջ գործող «Սարանիստ» ընկերութիւն, որ կը զբաղի ապակիներու արտադրութեամբ, իսկ բոլորովին վերջերս սկսած է գործել քոնեակի գործարանը:

 

Վարչապետի լրատուական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ընկերութեան սեփականատէր Մելիք Մանուկեանը շրջայցի ընթացքին ներկայացուցած է ապակիի, այնուհետեւ քոնեակի արտադրութեան գործընթացն ու զարգացման ծրագրերը:

Նշուած է, որ ներկայիս ընկերութիւնը ունի ապակիի 4 արտադրամաս՝ առանձին վառարաններով, այդպիսով բաւարարելով շուկայի մէջ առկայ պահանջարկը։ Ընկերութիւնը յագեցած է ժամանակակից արհեստագիտութիւններով ու սարքաւորումներով: Այստեղ ներկայիս կ'աշխատի մօտ 700 մարդ։ Կը շահագործուի 7 հոսքագիծ։

 

Դեռ 2005թ.-էն «Սարանիստ»-ը սկսած է արտադրել շիշեր՝ գինիի, քոնեակի, գարեջուրի, հանքային ջուրի, հիւթերու համար։ Ընկերութիւնն իր արտադրանքի գրեթէ կէսը կ'արտահանէ Վրաստան:

Անդրադառնալով քոնեակի արտադրութեան՝ Մելիք Մանուկեանը նշած է, որ պիտի արտադրուի հիմնական 7-10 տարեկան քոնեակ, որու հիմնական մասը պիտի արտահանուի: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ արդէն այս տարի մթերել 1500 թոն խաղող: Ներկայիս ընթացքի մէջ է խաղողագործներու հետ համապատասխան պայմանագրերու կնքման գործընթացը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է ընկերութեան գործունէութեան ընդլայնման, նոր ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու, նոր աշխատատեղեր ստեղծելու նախաձեռնութիւնը եւ աւելցուցած, որ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու հնարաւորութիւններու շրջածիրէն ներս նպաստել նմանատիպ նախագիծերու արդիւնաւէտ իրականացման: