Նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ. ԱՀ ԱԳՆ

2022-01-10
Image

Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը միտուած է Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման ու ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման: Այս մասին ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, որ դատապարտած է ատրպէյճանական զինուժի կողմէն այսօր Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներուն ուղղութեամբ հրադադարի խախտման դէպքերը:

«Այսօր՝ 10 Յունուարին, ատրպէյճանական կողմը կրկին կոպտօրէն խախտած է զինադադարը՝ թիրախ դարձնելով Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներու քաղաքացիներն ու քաղաքացիական վայրերը։

Նման գործողութիւնները Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիստական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք անգամ մը եւս կ՝ապացուցեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին այդ երկրի իրական՝ Արցախի, հայ ժողովուրդի եւ տարածաշրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակներուն հետ։

Ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն ի վեր Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը ձեռք բերուած համաձայնութիւններու, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում է՝ միտուած Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման։

Հարկ կը համարենք անգամմը  եւս ընդգծելու, որ նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ, որուն համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։

Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։