Նորաբակի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու հետեւանքով 19-ամեայ զինծառայող զոհուած է․ ՊՆ

2021-11-22
Image

22 Նոյեմբերին, ժամը 18։10-ի սահմաններուն,Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի, մասնաւորապէս՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Սուրէն Եուրիկի Սաֆարեանը (2002-ի ծնունդ)։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրէն Սաֆարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ժամը 19։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։