Նոր խնդիրներ ի յայտ եկած են, որոնք պէտք է քննարկել. Արարատ Միրզոեանը՝ Սերկէյ Լաւրովին

2022-03-11
Image

Անթալիոյ մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: 

«Շատ ուրախ եմ, որ պիտի կարենանք միտքեր փոխանակել մեր օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ, առաւել եւս` ՀՀ վարչապետի` Ապրիլի սկիզբը Մոսկուա կատարելիք այցի նախապատրաստման ծիրին մէջ: Վստահ եմ, որ այն պիտի ծառայէ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ յառաջխաղացման», ըսած է Լաւրով:

Իր հերթին, Միրզոյեան նշած է, որ երկկողմ շփումներուն մէջ շատ կարեւոր են կենդանի զրոյցները: Ան նշած է, որ վաղուց չէր հանդիպած Լաւրովի հետ, եւ շատ բան կուտակուած է:

«Նոր առաջացած խնդիրներ կան: Պէտք է քննարկել, խորհրդակցել», յաւելած է Միրզոյեան: