Շառլ Միշել այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելն այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը 16 Յուլիսին երկօրեայ այցով Հայաստան է: Այցի շրջածիրէն ներս ան պիտի հանդիպի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին: Հանդիպումէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը ԶԼՄ ներկայացուցիչներու համար հանդէս պիտի գան բանակցութիւնները ամփոփող յայտարարութիւններով: