Շրջափակուած Արցախը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ Սուրիոյ հայ համայնքին. կազմակերպուած է դրամահաւաք

Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու ու աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղի հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժի հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն` Արցախի Կառավարութիւնը համագործակցելով Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղի հետ, որոշում կայացուցած է միանալ համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ կոչ կ'ընենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:
Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրար սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս ալ՝ արհեստածին մարտահրաւէրները։
Ձեր նուիրատւութիւնները ՀՀ դրամով կրնաք կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հաշուեհամարին՝ 22300100156701։