Որոշուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել Կաշէնի հանքավայրի շահագործումը. Արցախի Կառավարութիւն

2022-12-29
Image

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով՝ յայտարարած է, որ, նկատի ունենալով ատրպէյճանցի «էկoակտիւիստների» («բնապահպաններ»ու) ստեղծած անառողջ միջավայրը եւ միջազգային հանրութեան մոլորեցնելու փորձերը, որոշում տրուեցաւ դիմել միջազգային կազմակերպութիւններու: Առ այդ, ժամանակաւորապէս պիտի դադրի Կաշէնի հանքավայրի գործունէութիւնը։

«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մէկ անգամ եւս վերահաստատում է, որ Արցախում հանքարդիւնաբերութիւնը իրականացւում է միջազգային ամենաբարձր չափանիշներով, որին համապատասխանեցուած են նաեւ ոլորտի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգաւորումները: Հաշուի առնելով, սակայն, հարեւան երկրի «էկoակտիւիստների» ստեղծած անառողջ  միջավայրն ու միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու փորձերը,  որոշում է կայացուել դիմել միջազգային կազմակերպութիւններին` «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած  միջազգային էկoլոգիական փորձաքննութիւն իրականացնելու համար:

Ընկերութեան ղեկավարութեան հետ համատեղ որոշում է  կայացուել ժամանակաւորապէս դադարեցնել ընկերութեան հանքավայրի շահագործումը` մինչեւ փորձաքննութեան աւարտը:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմել է ՄԱԿի համապատասխան կառոյցներին եւ միջազգային միւս մասնագիտական կազմակերպութիւններին` փորձաքննութեան իրականացումը  սեղմ ժամկէտներում  կազմակերպելու համար:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը  մշտապէս կողմնակից է եղել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում միջազգային լաւագոյն ստանդարտների (չափանիշներ) պահպանմանը եւ համոզուած է, որ միջազգային էկօլոգիական ստանդարտները պէտք է կիրառելի լինեն  ողջ տարածաշրջանի հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնների համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Կաշէնի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործողն է: