Որոտան եւ Շուռնուխ բնակավայրերու հարցը կրնայ ցաւոտ իրավիճակներու բերել․ վարչապետ

2020-12-24
Image

Ատրպէյճանցիները այս պահուն Շուռնուխ գիւղն են, սահմանազատման աշխատանքներ կ'իրականացուի։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեանը։

«Մօտ մի 20 րոպէ առաջ են եկել, 12 տան գլխին են՝ մայրուղում, չափուձեւ են անում։ Իրենք են, ռուսները, մեր սահմանապահները»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ սահմանը դեռ վերջնական որոշուած չէ:

Նշենք, որ սահմանը GPS-ով մայրուղիով գծելու պարագային  գիւղը երկու մասի կը բաժնուի, 12 տուն կ'անցնի Ատրպէյճանին։   

Աւելի վաղ գիւղապետը յայտնած էր, որ ամէն ձեւով պիտի պայքարին, որ գիւղը ամբողջովին հայկական մնայ։

Այսօր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստին, անդրադառնալով սահմանազատման հարցին, նշած էր, որ Որոտան եւ Շուռնուխ բնակավայրերու հարցը կրնայ ցաւոտ իրավիճակներու բերել։