Ուշադրութիւն՝ ԿԵՂԾԻՔ է. Մասիս Մայիլեան կը հերքէ ՌԴ մուտք գործելու արգելքի մասին տեղեկատւութիւնը

2020-03-27
Image

Արցախի ԱԳ նախարար, նախագահի թենկածու Մասիս Մայիլեան ապատեղեկատւութիւն որակած է այն հրապարակումը, ըստ որու իրեն կ'արգիլուի մուտք գործել Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Այս մասին ան յայտարարութիւն կատարած է ֆէյսպուքեանի իր էջին

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Ուշադրութիւն՝ ԿԵՂԾԻՔ է։
3 Մարտին քանի մը կեղծարարներ տեղեկութիւն տարածած են այն մասին, որ իբր նախորդ օրուան երեկոյեան իրենք տեղեկացած են ՌԴ իմ մուտքը արգիլելու որոշման մասին։ Իսկ այսօր ալ «փաստաթուղթ» մը սարքած են, ըստ որու «որոշումն» ընդունուած է 11 մարտին։ Այսինքն՝ անոնք նոյնիսկ իրենց կեղծիքներու ժամանակագրութեան չեն հետեւիր։

Աւելորդ չէ նշել, որ 3 մարտի ապատեղեկատւութիւնը գրեթէ միաժամանակ հրապարակած են որոշ հայաստանեան եւ ատրպէյճանական կայքեր։ Ինչպէս կ'ըսեն՝ մեկնաբանութիւններն աւելորդ են»։

Աւելի վաղ News.am-ը տեղեկութիւն հրապարակած էր, որ ՌԴ-ն արգիլած է Մասիս Մայիլեանի մուտքը 5 տարի ժամկէտով: